2009-09-18 12:59:19

էջ մը հայ երաժշտութենէն`

Այսօր պիտի խօսինք ֆրանսահայ երգչուհի Ռոզի Արմէնի մասին


ֆրանսահայ երգչուհի Ռոզի Արմէն.



Չորս տարեկանէն արդէն սկսած է երգել հայազգի Ռոզի Արմէն դառնալով ապա հռչակաւոր երգչուհի ոչ միայն ֆրանսայի այլեւ աշխարհի մէջ։

Անոր առաջին երգապնակն է ՜՜Ուշադիր եղիր՝՝ը որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է ֆրանսայի, Պելկիոյ, Զուիցերիոյ եւ Խորհրդային Միութեան ձայնասփիւռի եւ Հեռուստատեսիլի կայաններէն սփռուող երգերու շարքին...

Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ հանդէս եկած է Ռոզի Արմէն իր սիրուած երգերու յայտագիրներով։

Այցելած է նաեւ Խորհրդային Միութիւն. անհատական համերգներով հանդէս եկած է Մոսկուայի, Լենինկրատի, Օտեսայի, Թիֆլիսի, Պաքուի եւ Երեւանի մէջ։ Հայազգի երգչուհին բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայաստանը եւ ելոյթներ ունեցած ան սիրուած երգչուհի է թէ հայերու եւ թէ օտարներու կողմէ ։










All the contents on this site are copyrighted ©.